Սփիւռքի ներուժը բաւարար չափով չ'օգտագործուիր Հայաստանի զարգացման համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ այն մեծ հարստութիւն է հայերուս համար։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է «Մէնէյճմընթ Միքս» ընկերութեան նախագահ Ռաֆֆի Սեմերճեանը։
«Ըստ իս, պետական քաղաքականութիւնը դեռ թերի է եւ պէտք է ծրագրել, ռազմավարութիւն մշակել յառաջիկայ 5-10 տարիներու համար եւ այդ ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալել»,-նշած է Ռաֆֆի Սեմերճեան։
Անոր կարծիքով՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւականին լաւ ու օգտակար ծրագիրներ կ'իրականացնէ, բայց անոնք պէտք է աւելնան ու ծաւալին տարբեր ուղղութիւններով, որպէսզի պետական մակարդակով օգտագործուի արտասահման բնակող երիտասարդ հայերու ներուժը երկրի զարգացման գործընթացներուն նոր թափ տալու համար:
Ռաֆֆի Սեմերճեան շատ կարեւոր կը համարէ Սփիւռքէն ներդրումներ բերելը։ Անոր ըսելով ՝ վերջին տարիներուն ներդրումներու առումով շարք մը բարելաւումներ կան Հայաստանի մէջ, սակայն հարկային քաղաքականութիւնը պէտք է վերանայուի արտասահմանեան ներդրողներու համար։