Սկսած է գործել պոլսահայ քաղբանտարկեալ Սեւան Նշանեանի` անգլերէն լեզուով պատրաստուած կայքը: Նշենք, որ կայքը պատրաստուած է Նշանեանի մտերիմներէն թուրք մտաւորական Ալի Նէսինի եւ անոր համախոհներուն կոմէ: Բացի Նշանեանի յօդուածներէն եւ գրառումներէն այնտեղ նոյնպէս կարելի է կարդալ թրքական եւ օտար մամուլի մէջ Սեւանի մասին եղած անդրադարձներ եւ անոր մտաւորական աւանդին մասին կարեւոր հրապարակումներ: Կայքը թերթելու համար սեղմել ՝ այստեղ: Յիշեցնենք, որ Պոլսահայ մտաւորականը 813 օրէ ի վեր կը մնայ բանտի ճաղերու ետին: