«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանը.
- Գրեթէ երկու շաբաթ կ'ընէ, որ Պէյրութի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ'ունենան. մտահոգ է՞ք ստեղծուած իրավիճակով, ո՞ւր կրնան տանիլ այս դէպքերը։
Չեմ կրնար ըսել մտահոգ եմ, որովհետեւ պատահածը պոռթկում մըն է քաղաքական եւ տնտեսական փտածութեան վատ երեւոյթներուն դէմ։
Դժբախտաբար, չքաւորութիւնը բարձր ցուցանիշ ունի, եւ սովորական քաղաքացին զրկուած է իր ամենապարզ իրաւունքներէն։
Իսկ թէ ո՞ւր կրնան տանիլ դէպքերը, անոնք պէտք է տանին նախ նոր կառավարութեան կազմութեան` «Թէքնոքրաթ» կառավարութեան մը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակուի պայքարը լիբանանցիին իրաւունքները պահանջելու համար։ Եւ վերջաւորութեան ժողովուրդն է որ պիտի յաղթէ որքան որ ալ երկար տեւէ պայքսարը։
- Շատ կը խօսուի այն մասին, որ մեծ թիւով լիբանանահայեր յուսալքուած ըլլալով երկրի վիճակէն՝ կը պատրաստուին հեռանալ դէպի Հայաստան։ Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այդ մասին։
Իսկապէս բացառիկ երեւոյթ է հայրենադարձութիւնը եւ քաջալերական։ Թէեւ անձնական որոշում է եւ չենք կրնար ընդհանրացնել։ Գործի առիթներ ըլլալն եւ լաւ պայմաններով ապրիլը իւրաքանչիւր անհատի փափաքն է, ուր մնաց եթէ այդ բոլորը իրականանան հայրենիքին մէջ։
- Դուք կո՞ղմ էք, Լիբանանէն հեռանալու գաղափարին, ի՞նչ է պատճառը ձեր այդ որոշումին։
Անձնապէս ինծի համար խոտոր երեւոյթ է հեռանալը, երբ ես Լիբանան ծնած ու մեծցած եմ: Մանկութեանս տարիներուն Լիբանանի պատերազմի արհաւիրքը ապրած եմ: Եւ երազելով այսօր տեսնել խաղաղ Լիբանան մը, չեմ կրնար այդքան դիւրիւթեամբ թօթափել ամէն ինչ եւ հեռանալ պարզապէս անոր համար, որ այսօր երկիրը կը դիմագրաւէ մեծ դժուարութիւններ։ Լաւատես եմ եւ սիրով լեցուած իմ երկու հայրենիքներուս նկատմամբ։ Ես լիբանանցի հայ եմ, ինչպէս որ կայ լիբանանցի մարոնի, կամ լիբանանցի սիւննի։
Գիտակցութեան եւ սիրոյ լեզուն է որ այսօր պէտք է տիրէ։ Կը սիրեմ իմ լիբանանցի քոյրս ու եղբայրս անկախ իրենց կրօնքէն, պատկանելիութենէն, եւ չեմ արտօներ որեւէ մէկը թեթեւութեամբ առնէ այդ մօտեցումը։
Ի վերջոյ մեր կրօնքը ազնւութիւնն է, սէրն է։ Իսկ ընտանիքս՝ բոլոր լիբանանցիները։
Վերջաւորութեան միայն սէրն ու փոխադարձ յարգանքն է որ դրական փոփոխութիւն պիտի բերեն։
- Լիբանանահայ գաղութի տկարացումը նաեւ վնաս ու վտանգ է Հայաստանին. այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։
Ես կը կարծեմ թէ լիբանահայութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է եւ կը կանգնի Հայաստանին, ու ատոր համար ալ մեր գաղութին տկարացումը կամ նօսրացումը ի վնաս են Հայաստանին։
- Լաւատես է՞ք Լիբանանի ապագայով։
Այո՛, լաւատես եմ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի ապագայով։