ՀՀ Սիւնիքի մարզի Կապանի Ճակատեն, Ներքին Հանդ, Շիկահող, Եղուարդ, Ագարակ, Ուժանիս գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ ատրպէյճանական զինուորականները կրակոցներ արձակած են փոքր, ինչպէս նաեւ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներէն, հարբած վիճակի մէջ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան:
Նշուած բոլոր գիւղերու բնակիչները եւ համայնքային մարմինները Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, մասնաւորապէս, ահազանգեր ներկայացուցած են այն մասին, որ կրակոցները կ'ըլլան պարբերաբար՝ ինչպէս ցերեկային ժամերուն, այնպէս ալ գիշեր ժամանակ: Ըստ ահազանգերուն՝ կրակոցները պարզ կը լսուին գիւղերուն մէջ, անոնց նպատակն է ահաբեկել խաղաղ բնակիչներն ու առաջին հերթին երեխաներն ու կիները:
Ընդ որում, գիւղացիները դիտարկած են, որ յաճախակի են այն դէպքերը, երբ հարբած վիճակի մէջ ատրպէյճանական զինուորականներ կրակոցներ կ'արձակեն: Եւ այն ատեն կրակոցները խոշոր տրամաչափի զինատեսակներէն են ու ուժգին:
Այս կրակոցներու մասին ահազանգեր ներկայացուած էին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին գլխաւորած պատուիրակութեան դեռ 2021 թուականի 9 յունուարին, Կապանի Ճակատեն եւ այլ գիւղեր այցելելու ընթացքին: Այդ ժամանակ նաեւ անմիջականօրէն արձանագրուած էր, որ կրակոցներով ակնյայտ լարուածութիւն կ'առաջանայ գիւղերուն մէջ:
Այս յանցաւոր, բացարձակ դատապարտելի արարքները պէտք է ի սպառ վերանան: Անոնք դարձած են իրական սպառնալիք Հայաստանի խաղաղ բնակիչներու կեանքի ու առողջութեան պահպանման, ֆիզիքական ու հոգեկան անձեռնմխելիութեան եւ միջազգայնօրէն ճանաչուած ու ՀՀ Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած միւս իրաւունքներու համար: Ասոնք կոպտօրէն կը խախտեն նաեւ երեխաներու շահերը:
Այս փաստը աւելի կ'ամրապնդէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի համոզմունքը, որ խաղաղ բնակիչներու կեանքի ու կենսական միւս իրաւունքներու համար իրական սպառնալիք է նաեւ ատրպէյճանական զինուած ծառայողներու առկայութիւնը Հայաստանի սահմանային բնակավայրերու անմիջական հարեւանութեամբ, նաեւ միջհամայնքային ու միջպետական ճանապարհներուն:
Այս փաստերու վերաբերեալ հաղորդումներ պիտի ուղարկուին միջազգային կառոյցներուն, ինչպէս՝ ԵԱՀԿ-ին, ՄԱԿ-ին, ԵԽ-ին: Առանձին հաղորդումներ պիտի ուղարկուին նաեւ միջկառավարական կազմակերպութիւններու յատուկ մարմինններուն: