Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ ապրիլ 2015-ին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին պահանջով դիմած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, այդ հայցի քննութեան պահանջով նոր դիմում մը ներկայացուցած էր քանի մը շաբաթ առաջ՝ դատարանէն խնդրելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը դասել առաջնահերթ դատերու շարքին: Թրքական «Հապերթիւրք» թերթի կայքը կը գրէ, թէ դիմումը ներկայացուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ: Փաստաբան Սոֆուօղլու ըսած է, որ այս հայցը գոյքը վերադարձնելու եւ անցեալի իրադարձութիւնները քննարկելու նպատակ երբեք չունի: «Եթէ յաղթենք, կը դիմենք առաջին ատեանի դատարան, որպէսզի իրականացուի սահմանադրական դատարանի որոշումը: Իսկ մեր հայցի մերժման պարագային կը դիմենք Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան»,- ըսած է ան: Վերջինս փոխանցած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի այն ուղերձը, ուր կ՛ըսուի. «Այս գծով Թուրքիոյ հետ սակարկութիւն պիտի չընենք: Պիտի մերժենք փոխհատուցման մէկ այլ տարբերակ: Միայն կը փափաքինք, որ վերադարձուին այն գոյքերը, որոնք աւելի քան 800 տարի մեզի պատկանած են: Եթէ Թուրքիա կը փափաքի մտերմանալ հայ ժողովուրդին հետ, ապա ասիկա ամենայարմար պահն է»: