image

Շուէտի մէջ 12 փախստական երեխայ անձնասպան եղած է

Շուէտի մէջ 12 փախստական երեխայ անձնասպան եղած է

Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի «Քարոլինսքա» առողջապահական հիմնարկը յայտարարած է, որ անցնող տարուան ընթացքին Շուէտի մէջ 12 անօթեւան փախստական երեխաներ անձնասպանութեան դիմած են:

«Sky News» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, յիշեալ երեխաներն իրենց կեանքի ընթացքին հոգեկան ծանր ապրումներ ունեցած են, եւ բռնութիւններու, դաժան վերաբերմունքի ենթարկուած են:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ երեխաներուն մեծ մասը աֆղաններ են, որոնց փախստականի կարգավիճակ ստանալու դիմումները մերժուած են:

Յատկանշական է, որ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին Շուէտ մուտք գործած 35 հազար երեխաներէն մօտ 3400-ը ուղեկից ու խնամակալ չունի: