Ֆրանսայի մէջ՝ Փարիզի կեդրոնը գտնուող պատմական Հաշմանդամներու տան մէջ, մեկնարկած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի ազգային արարողութիւնը, կը յայտնէ lefigaro.fr-ն:
Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: Այն ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի ֆրանսական հինգ հեռուստաալիքներով:
Ֆրանսայի նախագահը ելոյթ կ'ունենայ Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներուն եւ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ:
Հրաժեշտի արարողութեան Ֆրանսայի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներու հետ միասին ներկայ է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Կը հաղորդուի, որ ան ելոյթ պիտի ունենայ արարողութեան ժամանակ: Ներկայ են նաեւ ՀՀ նախագահն ու իր տիկինը:
Ռուսական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ հրաժեշտի արարողութեան ներկայ է նաեւ Ռուսաստանի փոխարտաքին գործոց նախարար Կրիկորի Քարասինը: