Թուրքիոյ մէջ 1995 թուականէն ի վեր խումբ մը քիւրտ մայրեր իւրաքանչիւր շաբաթ օր կարմիր մեխակներ բռնած կը հաւաքուին Կալաթասարայի հրապարակը, խաղաղ ցոյցեր կազմակերպելով, բողոքելով թրքական իշխանութիւններու կողմէ իրենց զաւակներու առեւանգման կամ ձերբակալման դէմ:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, անցնող շաբաթ օր, 25 օգոստոսին, «Շաբաթօրեակի մայրեր»ու խաղաղ ցոյցն ընդհատուած է ոստիկանութեան կողմէ ուժի կիրառումով, արցունքաբեր կազի արձակումով եւ տասնեակ ցուցարարներու ձերբակալումով:
Թուրքիոյ իրաւասու մարմիններուն համաձայն, խաղաղ ցոյցը ընդհատուած է այն պատճառով, որ անոր յայտարարութիւնը հրապարակուած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքին դասուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան պաշտօնական կայքէջին:
Աղբիւրին փոխանցած տուեալներուն համաձայն, ձերբակալուողներու թիւը գերազանցած է 50-ը, որոնց մեծ մասը երիտասարդ եւ տարեց կիներ եղած են: