image

Սատտամ Հուսէյնը վէպի հեղինա՞կ. Նոր մանրամասնութիւններ

Սատտամ Հուսէյնը վէպի հեղինա՞կ. Նոր մանրամասնութիւններ

Համացանցի վրայ տարածում գտած է սիրավէպ մը, որուն հեղինակը, ըստ «Business Insider»ի, Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հուսէյն է:

160 էջէ բաղկացած «Զուպայպան եւ թագաւորը» խորագիրը կրող սիրավէպը թարգմանուած է անգլերէնի եւ «Ամազոն» առցանց առեւտրական կայքին կողմէ վաճառքի հանուած է:

Երեւակայական սիրավէպը գրուած է 2000 թուականին: Դէպքերը, ըստ հեղինակին, տեղի ունեցած են քանի մը հազար տարի առաջ:

Յատկանշական է, որ վէպի գլխաւոր հերոսը՝ թագաւորը, նոյն ինք՝ Սատտամի խորհրդանիշն է, անոր մօտ ամէն գիշեր Զուպայպա անունով աղջիկ մը կու գայ, եւ անոնց միջեւ կրօնական, ազգային ու ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթերու շուրջ զրոյց կ'ընթանայ: