image
Հրատապ լուրեր:

Սան Ֆրանսիսքո. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Որպէս Հոգեւոր Հովիւ Առաջին Պատարագ Պիտի Մատուցէ

Սան Ֆրանսիսքո. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Որպէս Հոգեւոր Հովիւ Առաջին Պատարագ Պիտի Մատուցէ

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի որոշմամբ,Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Սան  Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւի պաշտօնին նշանակուած է:  Հայր Պարոյր Կիրակի 14 Փետր. 2016-ին իր առաջին պատարագը պիտի մատուցէ իր եկեղեցւոյ ծուխին: Անոր տնորինութեամբ տեղի պիտի ունենայ նախ Տիրոջ տաճարի առաւօտեան ծառայութիւնը՝ ժամը 10:00-ին, ապա՝ Ս. Պատարագը՝ ժամը 11:00-ին: Հոգչ Տ. Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (աւազանի անունով՝ Յարութիւն) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Յունիս 17, 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճանը՝ Յուլիս 18, 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ եւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի, Իրանի եւ Կիպրոսի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, ան վարիչն էր կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչն էր: