«Հայաստանի մէջ, ի դէպ, ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմը կը բաղկանայ երկուքուկէսէն երեք հազար հոգիէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցովը։
«Փոքր Հայաստանի համար սա ինչպէ՞ս է։ Չեմ գիտեր, թերեւս Հայաստանը շատ գեղեցիկ երկիր է, հոն խոհանոցը շատ լաւ է, թերեւս ամերիկացի քաղաքացիները պարզապէս կը սիրեն հոն ապրիլ եւ աշխատիլ։ Թերեւս այդ է պատճառը, իսկ գուցէ նաեւ այլ պատճառ կայ», նշած է ան։