Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի որոշմամբ,Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւի պաշտօնին նշանակուած է: Հայր Պարոյր Կիրակի 14 Փետր. 2016-ին իր առաջին պատարագը պիտի մատուցէ իր եկեղեցւոյ ծուխին: Անոր տնորինութեամբ տեղի պիտի ունենայ նախ Տիրոջ տաճարի առաւօտեան ծառայութիւնը՝ ժամը 10:00-ին, ապա՝ Ս. Պատարագը՝ ժամը 11:00-ին: Հոգչ Տ. Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (աւազանի անունով՝ Յարութիւն) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Յունիս 17, 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճանը՝ Յուլիս 18, 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ եւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի, Իրանի եւ Կիպրոսի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, ան վարիչն էր կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչն էր: