Քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր եւ Կոտայքի մարզային վարչութիւններու ծառայողները, համատեղ հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ, Հոկտեմբեր 29-ին՝ ժամը 21։30-ի սահմաններուն, Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւան գիւղին մէջ յայտնաբերած, զէնք-զինամթերք ապօրինի պահելու հիմնաւոր կասկածով ձերբակալած եւ Կոտայքի մարզային վարչութիւն տեղափոխած են 56 եւ 27 տարեկան երկու տղամարդիկ՝ վերջինիս կողմէ շահագործուող ինքնաշարժով հանդերձ։ Ինքնաշարժի ակնյայտ տեսանելի հատուածին մէջ «Քալաշնիքով» տեսակի ինքնաձիգ եւ փամփշտատուփեր կային։
Ժամը 23։00-ին յայտնաբերուած, նոյն կասկածով ձերբակալուած եւ մարզային վարչութիւն տեղափոխուած է նաեւ 42 տարեկան տղամարդ։ Պարզուած է, որ ան նաեւ խախտած էր վարչական հսկողութեան խափանման միջոցը։
Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Հանգամանքները կը պարզուին։