image

Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցներու հետ կապուած միջադէպը ամբողջութեամբ բացայայտուած է․ ԱԱԾ տնօրէն

Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցներու հետ կապուած միջադէպը ամբողջութեամբ բացայայտուած է․ ԱԱԾ տնօրէն

Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցներուն հետ կապուած միջադէպըամբողջութեամբ բացայայտուած է: Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանը՝ շեշտելով, որ միջադէպի պատճառը նիւթական հարցեր եղած են։

 

Նշենք, որ Ոստիկանութենէն «Ազատութեան» փոխանցած էին, որ միջադէպի առնչութեամբ հետախուզական միջոցառումներ  կ'իրականացուին:  Ոստիկանութիւնը շեշտած էր, որ նախքան Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակի յայտարարութիւնը Ոստիկանութիւնը արդէն  տուեալներ ունէր, եւ պետի յանձնարարութեամբ ձեռնարկուած են անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ միջադէպի բոլոր մասնակիցներու ինքնութիւնը, անոնց գտնուելու վայրը ճշդելու, ինչպէս նաեւ կատարուածի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

 

«ԱԱԾ-ն այս գործով զբաղւում է, գործը ամբողջութեամբ բացայայտուած է, շրջանակը պարզ է, որեւէ դաւադրութիւն կամ, չգիտեմ, ինչ-որ մի բան ման գալ պէտք չի՝ դա երկու խումբ անձանց միջեւ ֆինանսական հարցերի պարզաբանման արդիւնքում ծագած վէճ է», - ըսած է Արթուր Վանեցեանը:

 

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի հերոս Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակը 29 Մայիսի ուշ գիշեր հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ տեղեկացնելով, որ գիշերը՝ ժամը 3։30-ի սահմաններուն, Սեւանի մայրուղիի Սեւան-Մարտունի ճանապարհահատուածին Բաբայեանի համակիրներու եւ զինակից ընկերներու ճանապարհը փակած են եւ անոնց ուղղութեամբ հրազէնէ կրակ արձակած:

 

Բաբայեանի գրասենեակի փոխանցմամբ՝ «այս   յանցագործները իրենց պարագլուխներով ծառայում են Արցախի նախկին վարչապետ, իսկ հիմա Արցախի նախագահի թեկնածու, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին»։

 

«Եթէ իրաւապահ մարմինները հետամուտ չլինեն այս ամէնի բացայայտմանը, ապա մենք ստիպուած կը լինենք կիրառել նոյն մեթոտները եւ պատասխան հասցնել նոյն ոճով, որովհետեւ այլ ելք չի մնում», - զգուշացուցած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարարի գրասենեակը:

 

«Ազատ Հայրենիք»-ը «կուսակցութեանը եւ նրա առաջնորդին ուղղուած զրպարտանք» որակած է Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակի տարածած յայտարարութիւնը:

 

« «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը դատապարտում է ցանկացած չճշդուած եւ չհիմնաւորուած յայտարարութեան տարածումը», - ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:

 

«Եթէ կենցաղային կամ այլ դրդապատճառներով, իսկապէս, տեղի է ունեցել յանցագործութիւն, մենք եւս յորդորում ենք իրաւապահ մարմիններին համարժէք գնահատական տալ եւ մեղաւորներին պատժել օրէնքի ամբողջ խստութեամբ: Իսկ «Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակ»-ին կոչ ենք անում սպառնալիքի եւ անօրինականութեան դրդող յայտարարութիւնների փոխարէն՝ գալ կառուցողական դաշտ եւ բոլոր ելքերը փնտռել միմիայն օրէնքի շրջանակներում», - յայտարարած է «Ազատ Հայրենիք»-ը: