image

Սահմանին լարուածութեան աճ արձանագրուած է. Թշնամին արձակած է աւելի քան 850 կրակոց

Սահմանին լարուածութեան աճ արձանագրուած է. Թշնամին արձակած է աւելի քան 850 կրակոց

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին լարուածութեան աճ արձանագրուած է: Հակառակորդը Դ-44 հրանօթներէ, ականանետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 80 անգամ, որու ընթացքին հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 850 կրակոց:

Առաւել աշխոյժ խախտումներ արձանագրուած են առաջնային գիծի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով: Նշուած հատուածին ազրպէյճանական զինուժը ընդհանուր առմամբ արձակած է 47 արկ, որմէ 22-ը հրանօթներէ, 25-ը ականանետերէ: