image

Ռուսական Mirage մարտանաւը դէպի Սուրիա

Ռուսական Mirage մարտանաւը դէպի Սուրիա

Ռուսական «Միրաժ» անունը կրող մարտանաւը այսօր սուրիական ջուրեր պիտի հասնի: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Ռուսիոյ այս քայլը կու գայ աւելիով ամրագրելու պետական Տումային կողմէ Ռուս- սուրիական գործակցութեան համաձայնագիրը, որ հրապարակուեցաւ օրեր առաջ: Արաբական մէկէ աւելի աղբիւրներ նոյն առումով կը գրեն, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը անհանգստութիւն արտայայտած է ռուսական S-300 եւ S-400 համակարգերու Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ մերձ գտնուող «Հըմէմին» օդակայանին մէջ տեղակայման առընթեր: Թէլ Աւիւ այս առումով կոչ ըրած է Մոսկուային այս զարգացումներուն շուրջ Ռուս-իսրայէլեան զինուորական յանձնաժողովի արտակարգ նիստ մը գումարել: