Ռիատի քրէական դատարանը այսօր, 6 Դեկտեմբերին, մահուան դատապարտած է լրտեսութեան մէջ ամբաստանուող ցանցի մը 32 քաղաքացիներէն 15-ը, մինչդեռ վեց ամիսէն 25 տարուան ազատազրկում սահմանած է միւս 15-ին դէմ, իսկ մնացեալը՝ազատ արձակած: Այս մասին կը տեղեկանանք «RT Arabic» լրատուական կայքէն:
Նշուած է, որ յիշեալ ցանցը յայտնաբերուած է 2013 թուականին, եւ անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած է՝ յօգուտ Թեհրանի լրտեսական գործողութիւններ իրականացնելու: Մեղադրականին մէջ յիշուած է, որ անոնք իրանեան հետախուզական մարմիններուն խիստ գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած են Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանական ոլորտին մասին, որոնք կը խաթարեն երկրի ու զինուած ուժերու
անվտանգութիւնը:
Յշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիա վերջերս պարբերաբար կ'ենթարկուի միջազգային իրաւաբանական տարբեր կազմակերպութիւններու քննադատութիւններուն՝ մեծ թիւով մահապատիժներ կիրառելուն պատճառով: Օրինակ՝ 2015 թուականի ընթացքին այնտեղ 153 քաղաքացի մահապատիժի ենթարկուած է: