«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» (քրտական) խմբաւորումը յայտարարած է, որ սուրիական Ռաքքա քաղաքաը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն հնարաւոր պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ ազատագրել մօտ երկու ամիսէն։ Այդ մասին բրիտանական «Reuters» գործակալութեան յայտնած է Նովրուզ Ահմէտ, որ միաժամանակ Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական ազգային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) կանանց թեւի գլխաւոր հրամանատարներէն է:
Ահմէտ նշած է, որ Ռաքքայի գործողութեան աւարտին համար յստակ ժամկէտներ սահմանելը բարդ է, սակայն քրտական ուժերը կ'ենթադրեն, որ այն երկար պիտի չտեւէ, ու Ռաքքա արդէն լիովին ազատագրուած պիտի ըլլայ մօտ երկու ամիսէն:
Ան աւելցուցած է, որ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ու յառաջխաղացումը կը դանդաղեցնէ այն փաստը, որ Ռաքքայի Իսլամական Պետութեան ենթակայութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ տակաւին շուրջ 10.000- 15.000 խաղաղ բնակիչ կայ, զորս գրոհի թիրախ չդարձնելու համար իրենք ստիպուած կ'ըլլան երբեմն յապաղելու:
Նովրուզ Ահմէտ հաւաստիացուցած է, որ իրենց խմբաւորումը Ռաքքա մնալու ծրագիրներ չունի եւ քաղաքն ազատագրելէն ետք այն պիտի յանձնէ քաղաքացիական խորհուրդի ենթակայութեան: