Քույէթի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած հիւանդներուն թիւը հասաւ 8-ի։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Արապիա» կայանը նշելով նաեւ, որ բոլոր հիւանդները վերջերս այցելութիւն տուած էին դէպի Իրան։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քուէյթի կառավարութիւնը կարեւոր միջոցառումներ կը գործադրէ պայքարելու համար մահաբեր վարակին դէմ եւ նոյն առումով այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Քուէյթ ժամանակաւորապէս դադրեցուց դէպի Իրան, ինչպէս նաեւ դէպի Իտալիա եւ Հարաւային Քորէա իր բոլոր թռիչքները։
Աւելի վաղ Քուէյթի կառավարութիւնը որոշում առած էր փակել սահմանային իր անցքերը Իրաքի հետ։