image

Քրտական YPK-ն Պիտի Մասնակցի՞ Ժընեւի Ժողովին

Քրտական  YPK-ն   Պիտի Մասնակցի՞ Ժընեւի  Ժողովին

Ուրբաթ  օր   Ժընեւի մէջ ընթացք պիտի առնէ   Սուրիոյ   տագնապին   նուիրուած  միջազգային  սպասուած ժողովը:   Անցնող հոկտեմբերէն ետք այս  առաջին ժողովն է, որ  քաղաքական    օրակարգերուն մասին  նոր պատկերացումներու  նոր փուլ մը պիտի բանայ: Եթէ   մօտիկ անցեալին ժողովի կայացման  իբրեւ խոչընդոտ   յայտնի էր Սուրիոյ ընդդիմադիր  որ  խմբաւորումներուն  մասնակցութիւնը, ապա  այսօր  գնդակը  կը գտնուի  քրտական   ջոկատներուն   կամ  YPK-ին  մօտ:    Այս խնդիրը  բաւական էական  նշանակութիւն ունի Մոսկուային եւ Անգարային համար: Մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար  Սէրկէյ Լավրով  երէկ կը յայտարարէր, որ  քիւրտերը  անպայման պէտք է ներկայ ըլլան  ժընեւեան  բանակցութիւններուն, անդին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար  Ահմէտ Տաւութօղլու կտրականապէս կը մերժէր  քիւրտերուն մասնակցութիւնը նոյնիսկ քննարկման  առակայ դարձնել:     Սուրիոյ տագնապի   զարգացումներուն հետեւող   տարբեր կողմեր   յայտնած են, որ գետնի վրայ  ընթացող   զինուորական       արագ  զարգացումները եւ  մանաւանդ  սուրիական բանակին գրանցած    յաջողութիւնները կարեւոր խաղաքարտ պիտի դառնան  բանակցութեանց սեղանին վրայ:   Բացայայտ է նաեւ, որ   քիւրտերու տիրապետութեան տակ եղած  տարբեր շրջաններուն  մէջ ակներեւ է    սուրիական  ուժերուն եւ քրտական ջոկատներուն միջեւ    առկայ   համագործակցութիւնը:  Բնականաբար Մոսկուան է, որ կը խթանէ այս   կապին ամրացման, հետեւաբար   քրտական  YPK -ին մասնակցութեան խնդիրը          այսօր կը դառնայ  կարեւոր հրամայական  գետին շահող կողմերուն համար: Րիատի պարագային   ընդհանուր լռութիւն մը կը տիրէ, բացի անկէ, որ Րիատի «նախասիրած» կողմերը  պիտի մասնակցին  այս ժողովին,    Սէուտական Արաբիա շատ ալ մտահոգ չէ քիւրտերու  մասնակցութեան հարցով:  Թուրքիոյ  արտաքին  գործոց նախարար Մէվլուտ Չաւուշօղլու իր կարգին երէկ «դեղին քարտ» մը ցոյց տալով կը յայտնէր, որ  քիւրտերու մասնակցութեան  պարագային ինք  պոյքոթի պիտի ենթարկէ  ժողովը:  Ու եթէ այդպիսի  բան պատահի,     ապա մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլայ Թուրքիան, որ     բանակցութեան սեղանին վրայ պատրաստուելիք օրակարգերէն  հեռու մնալով  պիտի կորսնցնէ  «խօսք մը» ունենալու իր  ուժականութիւնը: Իսկ Մոսկուայի համար Սուրիոյ  քիւրտերը    մեծ նշանակութիւն ունին: Եթէ  Ռուսիա   Թուրքիոյ մէջ տեղի  ունեցող ընդհանուր ընթացքներուն  մասին  աչք կը փակէ  ապա նոյնը պիտի չընէ Սուրիոյ պարագային: Յառաջիկայ Ուրբաթ օր աւելիով պիտի յստականայ ընդհանուր պատկերը ու պարզ  կը  դառնայ, թէ   YPK -ի  քիւրտերը ինչքանով ազդեցիկ են կամ  կրնան  ըլլալ   Սուրիոյ   շուրջ տարուող  գործընթացներուն  համար: