image

Քլինթըն եթէ ընտրուի, «Մեծն Թուրքիա» գաղափարին պիտի սատարէ. Պետրոս Հաճեան

Քլինթըն եթէ ընտրուի, «Մեծն Թուրքիա» գաղափարին պիտի  սատարէ. Պետրոս Հաճեան

Ամերիկահայ գործիչ Պետրոս Հաճեանի  կարծիքով  վաղը  ԱՄՆ-ի  նախագահական ընտրութեանց մասնակցող երկու թեկնածուներուն  միջեւ մեծ   տարբերութիւններ կան: Ան   այս առումով ըսաւ.  «Երկու  թեկնածուներուն միջեւ տարբերութիւնը շատ մեծ է: Քլինթընի ընտրութիւնը պատերազմի շարունակութիւն կը նշանակէ: Ան կը խոստանայ իր ընտրութեան պարագային յարձակիլ Ռուսաստանի  դէմ: Փութինը ազգայնամոլ կը կոչէ: Ինծի համար Փութինը չէ կարեւորը, այլ պատերազմն է, որուն կարիքը այս երկիրը  չունի:

Հայկական կուսակցութիւններու չէզոք դիրքորոշման մասին, ան ըսաւ. «Անոնք ընտրութեան ազատութիւն տուած են ժողովուրդին: ՍԴՀԿ-ը միակն է, որ իբր կուսակցութիւն պիտի քուէարկէ Քլինթընին, սակայն անոնց քուէն բան չի փոխեր: Այս պարագային վտանգաւոր է այն հատուածը, որ չէզոք կը մնայ եւ չ'ուզեր մաս կազմել ընտրութիւններուն, այն պատրուակով, որ ցեղասպանութեան մասին չի խօսուիր: Ի՞նչ անհրաժեշտութիւն է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ  ցեղասպանութեան մասին խօսուի, երբ անդին ժողովուրդը Սպիտակ ջարդի կ'ենթարկուի նոյն Ամերիկային մէջ»: Հաճեան, Հիլըրիի ընտրութիւնը որպէս ժողովուրդի անկում նկատել տալով, նշեց, որ եթէ հայ ժողովուրդի ղեկավարները  ժողովուրդի հարցով չեն զբաղած եւ չեն կրնար կողմնորոշուիլ, ուրեմն անոնք ճիշդ կազմակերպութիւններ չեն: «Հակառակ իրենց տածած մեծ յարգանքիս, շատ հիասթափուած եմ»,-ըսաւ Հաճեան, աւելցնելով. «Երբ տեսնեմ այսպիսի սխալ յայտարարութիւններ, կը մտածեմ թէ իրենք պարզապէս չեն ուզէր կողմնորոշուիլ, աչքի առաջ ունենալով այն փաստը, որ սուրիահայերը պիտի սպաննուին Հիլըրիի ձեռքով, իսկ անդին Թրամփ կը խոստանայ պատերազմը դադրեցնել»:

Արտայայտելով իր անձնական կեցուածքը՝ Հաճեան նշեց. «Ես ո՛չ հանրապետական եմ, ո՛չ դեմոկրատական, բայց հիմա հանրապետականներուն կողմ եմ, որովհետեւ թեկնածուին կը հաւատամ»:

Ըստ  Պ. Հաճեանի Քլինթըն  առիթով   մը ըսած է, թէ  պիտի աջակցի Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն, որոնք թուրքեր են, անոնց պիտի զօրացնէ զէնքով, որ Ասատի համակարգը ոչնչացնէ: «Թուրքերը, քաջալերուած անկէ, Քլինթընի հռչակը բարձրացնելով, կը պատրաստուին «Մեծն Թուրքիա» ստեղծել: Անդին, Տոնալտ Թրամփ յայտնեց, թէ մենք գործ չունինք ահաբեկիչները զինելու կամ Ասատի համակարգը տապալելու հետ: Ան ըսաւ, թէ պիտի կասեցնէ պատերազմը, Փութինի հետ նախ սեղանի շուրջ նստելով պիտի փորձէ հաշտութեան հասնիլ, եթէ չյաջողի, այն ատեն  պատերազմի կ′երթայ»,-աւելցուց ամերիկահայ գործիչը: 

Հաճեան նշեց նաեւ, թէ Քլինթընի ընտրութեամբ աւելի մեծ պատերազմներ պիտի ըլլան ի շահ «նոր աշխարհի համաշխարհայնացման», իսկ Ամերիկայի ներքին կացութիւնը աւելի պիտ վատթարանայ: Անոր կարծիքով. «Ամերիկացիներու մեծ մասը դէմ  է Քլինթընին: Եթէ ան ընտրուի, լուռ մեծամասնութիւն կայ հոս, որ կրնայ քաղաքացիական պատերազմ սկսիլ: Շատ վտանգաւոր պահ է Ամերիկայի մէջ»:

Վերջերս տարածուած մտավախութեան մասին, թէ Թրամփ ընտրուելու պարագային իսլամներուն դէմ մեծ շարժում մը պիտի սկսի ու գաղթականները պիտի արտաքսուին Ամերիկայէն, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը, ըսաւ. «Անոնք սխալ տեղեկութիւններ են, տարածուած դեմոկրատականներուն կողմէ: Ամերիկայի մէջ Սուրիայէն եկող փախստականներէն՝ քրիստոնեաները, ասորիները, հայերը եւ բոլոր չափաւորականները կը մերժուին, փոխարէնը կ′ընդունուին այն ծայրայեղները, որ Օպամային հետ կապակցութիւն ունին: Թրամփ կ′ըսէ, թէ մենք այս երկրին մէջ ծայրայեղ իսլամին պէտքը  չունինք, պէտք է եկողները զտենք: Իրականութեան մէջ, Օպամայի վարչակազմը աւելի շատ գաղթական արտաքսած է, քան՝ որեւէ իշխանութիւն: Թրամփ կը շեշտէ, որ գաղթականներու հարցը պէտք է վերահսկուի եւ  պէտք է գիտնալ, թէ որոնք են, որ Ամերիկա  կու գան: Ասիկա իսլամի դէմ շարժում չէ, այլ  յանուն ճշմարտութեան  համար  եղած  կեցուածք է»:

Հակառակ Թրամփի հասարակական քուէներով ակնյայտ յաղթութեան, Հաճեան չի հերքեր այն իրականութիւնը, որ ընտրութիւնները կրնան կեղծուիլ դեմոկրատականներու կողմէ: Ան, բացայայտելով, կ'ըսէ. «Ընտրութիւնները 100 տոկոս կրնան կեղծուիլ: Քլինթընէն ամէն ինչ կը սպասուի, կեղծաւոր եւ ստախօս մարդիկ են: Անոնք պատասխանատու են այսօրուան սուրիահայերու եւ Միջին Արեւելքի հայերու ցիրուցան վիճակին: Քլինթընի եւ Օպամայի ահաբեկիչ ձեռքերով եղաւ այդ մէկը: Ժողովուրդին ելեքտրոնային եւ հասարակական քուէներուն համեմատ, 70-80 տոկոսով Թրամփ յաղթած է: Ժողովուրդին մեծ մասը կը նախընտրէ զինք, որովհետեւ չեն ուզէր այլեւս Սուրիոյ հարցին միջամտել: Մարդիկ կը խուսափին պատերազմէ: Անոնք կը նախընտրեն իրենց երկիրը բարելաւել, քան՝ թուրքին միլիառաւոր տոլարներ տալ՝ Սուրիան քանդելու համար: Նոյնիսկ սեւամորթներուն մեծ մասը Թրամփի կողմ են: Նոյնն է պարագան երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս՝ հնդիկներն ու մեքսիքացիները»:

Հաճեան դեմոկրատականները նմանցնելով ռուս համայնավարներուն, ըսաւ.«Դեմոկրատականները այսպիսին են, եթէ իրենց ուզած անձը չ′ընտրուի, անոր մոլեռանդ կը կոչեն, ռուս համայնավարական ձեւին պէս: Ազատամիտներն ու պատերազմի համակիրները Քլինթընի հետ են:  Այսօր ծանր պայքար կը տարուի, երկրի վիճակը շտկել ուզող ռամիկ ժողովուրդին կողմէ՝ Թրամփի ներկայացուցչութեամբ»:

Զրոյցի աւարտին խօսքը ուղղելով «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն, Հաճեան ըսաւ.«Հայերը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ եղող կարգ մը կազմակերպութիւններ, Թրամփը կը ներկայացնեն, որպէս Փութին: Սուտ բաներ թող չ'տարածեն: Թրամփը Փութին չէ, ոչ ալ՝ Էրտողան: Ան իսկապէս կ′ուզէ Ամերիկան շտկել, պատերազմներէն դուրս գալ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Քլինթըն այն աձնաւորութիւններէն մէկն էր, որ կ′ուզէր պարտադրել ստորագրել հայ-թրքական յարաբերութիւններու պայմանագիրը: Յստակ է, թէ ով Թուրքիոյ կողմ է: Պէտք է տեսնել այս իրականութիւնը»: