Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ եւ միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ անցնող տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով 43 հազար սուրիացի իրենց թեւերն ու սրունքները կորսնցուցած են, եւ արհեստական թեւերու եւ սրունքներու կարիք ունին:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ռուսիա խոստացած է, որ պատրաստ է պարբերաբար ընդունիլ յիշեալ անձերը, ու համապատասխան արհեստական անդամներ տրամադրել, սակայն պահանջած է վճարել 210 միլիոն տոլար կազմող բուժման ծախսերը, որուն ի պատասխան Քաթար խոստացած է 250 միլիոն տոլար տրամադրել Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան, պայմանով, որ վերջինս վերահսկէ բուժման ամբողջական գործընթացը: