image

Քաթար պիտի հոգայ 43 հազար հաշմանդամ դարձած սուրիացիներու պէտքերը

Քաթար պիտի հոգայ 43 հազար հաշմանդամ դարձած  սուրիացիներու պէտքերը

Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ եւ միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ անցնող տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով 43 հազար սուրիացի իրենց թեւերն ու սրունքները կորսնցուցած են, եւ արհեստական թեւերու եւ սրունքներու կարիք ունին:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ռուսիա խոստացած է, որ պատրաստ է պարբերաբար ընդունիլ յիշեալ անձերը, ու համապատասխան արհեստական անդամներ տրամադրել, սակայն պահանջած է վճարել 210 միլիոն տոլար կազմող բուժման ծախսերը, որուն ի պատասխան Քաթար խոստացած է 250  միլիոն տոլար տրամադրել Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան, պայմանով, որ վերջինս վերահսկէ բուժման ամբողջական գործընթացը: