image

Քառօրեայ պատերազմէն մինչեւ օրս վիրաւորուած զինծառայողներու թիւը 159-ի կը հասնի

Քառօրեայ պատերազմէն մինչեւ օրս  վիրաւորուած զինծառայողներու թիւը 159-ի կը հասնի

Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ու անոր յաջորդող օրերուն վիրաւորուած է 159 զինծառայող, որոնցմէ միայն երեքը մահացած են հիւանդանոցի մէջ։ Այս մասին, այսօր` յունուար 25-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըսած է ՀՀ Զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Կամաւոր Խաչատրեան` ամփոփելով նախորդ տարին։ 

«Մենք այդ օրերուն գերազանցած ենք բոլոր ցուցանիշները` ե՛ւ հիւանդները տեղափոխելու առումով, ե՛ւ հիւանդանոցներու մէջ կազմակերպուող բուժական քայլերու: Մեր մասնագէտները ամէն ինչ ըրած են վիրաւորի կեանքը փրկելու համար, հիւանդանոցի մէջ արձանագրուած է մահուան երեք դէպք, որոնցմէ մէկուն ժամանակ զինծառայողը հիւանդանոց տեղափոխուած է արդէն մահացած»,- ըսած է ան:
Կամաւոր Խաչատրեանի խօսքով` ապրիլեան պատերազմէն շուրջ 10 ամիս անց՝ բուժում կը ստանայ 9 զինծառայող. անոնցմէ երկուքը հիւանդանոցի մէջ, մէկը` մասնաւոր դարմանատան, իսկ մնացեալ վեցը` Կարմիր խաչի վերականգնողական կեդրոնի:

Նշենք, որ հիւանդանոց գտնուող զինծառայողներէն մէկը վաղը պիտի մեկնի Մոսկուա` բուժումը շարունակելու: Եւս երկու զինծառայող բուժումը կը շարունակեն Գերմանիոյ մէջ: