image

«Քառասուն տարիէի ի վեր չեմ ծխեր» Ազնաւուր խօսած է իր առողջ ապրելակերպին մասին (Լուսանկարներ)

«Քառասուն  տարիէի  ի վեր չեմ  ծխեր» Ազնաւուր   խօսած է իր  առողջ  ապրելակերպին   մասին (Լուսանկարներ)

Ֆրանսահայ  աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր ռուսական «Maxim» ամսագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին բացայայտած է իր երկարակեցութեան գաղտնիքը, ինչպէս նաեւ պատմած անձնական կեանքի մասին։

94-ամեայ շանսոնիէն խոստովանած է, որ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր չի ծխեր եւ չ'օգտագործեր թունդ ալքոլային խմիչքներ, առողջ սնունդ կ'օգտագործէ եւ կը զբաղի լողով։

Խօսելով իր կնոջ՝ Ուլլա Տորսելի հետ փոխյարաբերութիւններու մասին՝ երգիչը ըսած է, որ երջանիկ ամուսնութեան գաղտնիքը յարաբերութիւններու մէջ անկեղծ ըլլալն է։


«Առաջին անգամ ես ամուսնացած եմ, երբ շատ երիտասարդ էի։ Երկրորդ անգամ՝ երբ շատ յիմար էի։ Երրորդ անգամ ես վերջապէս ամուսնացայ անոր հետ, որու մասին միշտ երազած էի՝ բաց գոյնի աչքերով եւ մետաքսեայ մաշկով շիկահերի հետ: Բացի  Ուլլան ինծմէ փոքր է 17 տարով։ Կը կարծեմ, որ հիասքանչ տարիքային տարբերութիւն է։ Իսկ, ընդհանուր առմամբ, երկարատեւ ամուսնութեան գաղտնիքը միմիանց կողքին առաւել բնական պահելու եւ կողակիցին ուզածը ըսելու մէջ է։ Թէեւ հիմա բոլորին կ'ըսեմ ճշմարտութիւնը: Կրնամ այդ թոյլ տալ ընել իմ տարիքին»,- ըսած է Ազնաւուրը։

Ան նաեւ պատմած է իր ստեղծագործական ծրագիրներու մասին եւ վստահութիւն յայտնած, որ իր 100-ամեակը ան կը նշէ բեմի վրայ։

«Ես կը ծրագրեմ համերգ 22 մայիս 2024 թուականին ծննդեանս 100-ամեակին։ Յետոյ տեսնենք»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ մտադիր չէ «մեռնիլ տան մէջ՝ բազկաթոռին նստած»։

 

 

Картинки по запросу Азнавур и жена Улла

 

 

Картинки по запросу Азнавур и жена Улла

 

 

Картинки по запросу Азнавур и жена Улла