Մինչ Լիբանանի կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին կը քննարկէ աղբի խնդիրը, անդին ընկերային ցանցերուն վրայ մէկէ աւելի օգտատէրեր մտավախութիւն կը յայտնեն Պուրճ Համուտի փակուած աղբանոցի վերաբացման մասին: Շուրջ 30 տարի շահագործուած (փակուած 1996 թուականին) եւ ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ ամբողջ Մէթնի աղբերը պարփակած այդ շրջանը, իբրեւ աղբանոց օգտագործելու ընտրանքը շրջանը կրնայ մատնել կենսալորտային նոր տագնապի: Առանց այդ աղբանոցի վերաբացման, պէյրութեան այդ հատուածն ունի տարբեր բնոյթի հիմնահարցեր, որոնք իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ'ունենան քաղաքացիներուն վրայ: Այդ հիմնախնդիրներուն ամէնէն էականը անշուշտ առողջապահական ոլորտին վրայ երեւցած բարդ վիճակներն են: Ճիշդ է, որ այս հարցին առընթեր գիտական ուսումասիրութիւններ կը պակսին, բայց եւ այնպէս շրջանէն հայ բնակչութեան դէպի այլ շրջաններ հեռանալու երեւոյթը կարելի է մեծագոյն ապացոյց համարել առկայ սուր տագնապին առընթեր: Հայկական պատասխանատու շրջանակներ ցարդ չեն արձագանքած այս խնդրին, տրուած ըլլալով նաեւ, որ մօտիկ անցեալին մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտնած են, որ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը իրենց համար կը մնայ «կարմիր գիծ»: Բացի ատկէ, պէտք է նաեւ նշել, որ Պուրրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման կողքին կը խօսուի Քոսթա Պրաւա եւ Քըժըք շրջաններու աղբանոցներուն վերաբացման մասին: Այսօրուան կառավարական նիստը կրնայ վճռորոշ ըլլալ Պուրճ Համուտի եւ հոն ապրող հայութեան համար: Ու այս առումով յուսալի է, որ հայ պատասխանատու շրջանակներ իրենց կարեւոր ներդրումը կ'ունենան, որպէսզի լեղի այս բաժակը հայութեան առջեւ դարձեալ չդրուի: