image

Պուրճ Համուտի Աղբանոցի Վերաբացման Հարցը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

Պուրճ Համուտի Աղբանոցի Վերաբացման Հարցը  Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

Մինչ   Լիբանանի  կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին  կը քննարկէ    աղբի խնդիրը, անդին ընկերային ցանցերուն  վրայ  մէկէ աւելի օգտատէրեր  մտավախութիւն կը յայտնեն Պուրճ Համուտի   փակուած   աղբանոցի վերաբացման մասին:  Շուրջ   30  տարի շահագործուած  (փակուած 1996  թուականին) եւ  ոչ միայն Պուրճ Համուտի,  այլ ամբողջ Մէթնի աղբերը      պարփակած այդ շրջանը, իբրեւ աղբանոց     օգտագործելու    ընտրանքը         շրջանը կրնայ  մատնել           կենսալորտային   նոր տագնապի: Առանց այդ աղբանոցի վերաբացման, պէյրութեան  այդ հատուածն ունի   տարբեր բնոյթի  հիմնահարցեր, որոնք  իրենց անմիջական    ազդեցութիւնը  կ'ունենան  քաղաքացիներուն վրայ:  Այդ հիմնախնդիրներուն ամէնէն էականը     անշուշտ առողջապահական ոլորտին վրայ երեւցած     բարդ     վիճակներն  են:    Ճիշդ է, որ այս հարցին  առընթեր գիտական  ուսումասիրութիւններ  կը պակսին, բայց եւ այնպէս շրջանէն  հայ  բնակչութեան  դէպի  այլ շրջաններ   հեռանալու երեւոյթը կարելի է մեծագոյն  ապացոյց համարել   առկայ սուր տագնապին   առընթեր: Հայկական  պատասխանատու  շրջանակներ   ցարդ չեն  արձագանքած  այս խնդրին, տրուած ըլլալով նաեւ, որ մօտիկ անցեալին մէկէ աւելի  պատասխանատուներ    յայտնած  են,  որ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը  իրենց համար կը  մնայ «կարմիր գիծ»: Բացի ատկէ,  պէտք է  նաեւ  նշել, որ  Պուրրճ Համուտի աղբանոցի  վերաբացման կողքին  կը  խօսուի Քոսթա Պրաւա եւ Քըժըք   շրջաններու աղբանոցներուն  վերաբացման մասին:    Այսօրուան   կառավարական նիստը   կրնայ վճռորոշ ըլլալ   Պուրճ Համուտի   եւ  հոն ապրող  հայութեան համար: Ու այս  առումով յուսալի է, որ հայ պատասխանատու շրջանակներ իրենց   կարեւոր  ներդրումը կ'ունենան, որպէսզի լեղի այս բաժակը  հայութեան   առջեւ դարձեալ չդրուի: