image

Պոլսոյ Տատեան վարժարանի հին շէնքը կրնայ վարձու տրուիլ

Պոլսոյ Տատեան վարժարանի հին շէնքը կրնայ վարձու տրուիլ

Պոլսոյ Տատեան («Պաքըրգիւղ»ի շրջան) վարժարանի շէնքը վարձակալութեան դրուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականին կողմէ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Տատեան վարժարանը փոխադրուելով նոր եւ արդիական շէնք մը անոր նախկին շէնքը մնացած է թափուր եւ թաղային խորհուրդի որոշումով ու պատկան մարմիններէն արտօնութիւն ստանալէ ետք վարձակալութեան դրուած է, դպրոցին նիւթական եկամուտ ապահովելու նպատակով:

«Հայ Ձայն» այս մասին կը յայտնէ, որ դպրոցի նախկին սաներն ու շրջանաւարտները ինչ-ինչ պատճառներով դէմ են իրենց համար կարեւոր նշնակութիւն ունեցող վարժարանի շէնքին վարձակալութեան հանուելուն:

Այս վրդովմունքին առաջքը առնելու համար նոյն շրջանի թաղական խորհուրդը նախնական որոշում կայացուցած է դպրոցի շէնքի վարձակալութիւնը ապահովել , սակայն ոչ թէ կրթական նպատակներով օտագործելու համար: