Սուրիա-(«Սանա» լրատուական գործակալութիւն-Դամասկոս) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ալ Ատհա» տօնի առթիւ այսօր այցելած է Դամասկոսի մօտ եղող Տարայա շրջան: Ասատ, տօնին առթիւ եղած արարողութեան մասնակցելէ ետք, լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով ըսած է, թէ «Մենք վճռած ենք ամէն գնով շարունակել ահաբեկիչներուն դէմ սկիզբ առած պայքարը եւ ազատագրել Սուրիոյ բոլոր շրջանները ահաբեկիչներէն»: Ասատ նաեւ դիտել տուած է, որ երկրին ազատութիւն «շնորհելու» բոլոր փորձերը սուտ են, ուիրական ազատութիւնը երեւելի կը դառնայ այսօր Տարայա շրջանին մէջ: «Այսօր Տարայա մեր այցելութիւնը պատգամ է, ոչ թէ սուրիացի ժողովուրդին, այլ բոլոր այն երկիրներուն եւ բոլոր այն դաւաճաններուն, որոնք անցնող տարիներուն դաւեր նիւթեցին Սուրիոյ դէմ»: Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, թէ «Այսօր Տարայայի մէջ մենք ժողովուրդին կը դիմենք իսլամական տօնի իրական հիմունքներով, ու մեր երկիրը բաղկացնող բոլոր կրօնքներու մարդու արժանապատութիւնը, երկրի վերակառուցումը եւ խաղաղութիւնը ապահովելու խորագոյն պատգամներով շեշտելով, որ մենք ուրախ ենք, որ Տարայան վերադարձաւ սուրիական հայրենիքի գիրկը»:
Նշենք, որ վերջին 4 տարիներուն ընթացքին ընդդիմադիր զինեալներու տիրապետութեան տակ եղող եւ Դամասկոսի մերձ գտնուող Տարայան համաձայնութեան մը հիմքով յանձնուած էր Սուրիոյ օրինական բանակին ու հոն ապրող քաղաքացիները, որոշ փուլի մը համար փոխադրուած էին համեմատաբար աւելի տանելի պայմաններ ունեցող մօտակայ շրջաններ: