Ռուսիոյ նախագահ Փութին յայտարարած է, որ Հիւսիսային Կովկասէն դէպի Սուրիա ոստիկանութեան միաւորներ ուղարկելու գաղափարը ինք յղացած է, որովհետեւ վերջիններս Սուրիոյ կառավարութեան ու բնակչութեան կողմէ մեծ վստահութիւն կը վայելեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Իր տարեկան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Փութին նշած է, որ ոստիկանական ուժերը Սուրիա ուղարկելը ինքնանպատակ չէ եղած, այն նկատի առնուած է այն հանգամանքը, որ Հիւսիսային Կովկասի բնակչութիւնը սիւննի իսլամներ են, հետեւաբար Սուրիոյ բնակչութեան վստահութիւնը կը վայելեն, ինչպէս նաեւ կը վայելեն կառավարութեան վստահութիւնը, որովհետեւ ռուս են:
Փութին շեշտած է նաեւ, որ ուղարկուած ոստիկանները շատ խիզախ են ու իրենց աշխատանքին մէջ չափազանց պարտաճանաչ: Անոնք իրենց ուսերուն դրուած պարտականութեան քաջ գիտակից են, եւ պատւով պաշտպանեցին Ռուսիոյ շահերը: