Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յօդուածագիրը անդրադարձած է Փութինի աջ բազուկը համարուող միլիառատէր գործարար Եւկինի Վիքթորովիչ Պրիկոճիի դերին Ռուսիոյ քաղաքական կեանքին մէջ:
Յօդուածագիրը միլիառատէր գործարարին շուրջ հիւսուած պատմութիւններուն ծանօթանալով զինք նմանցուցած է Ճէյմս Պոնտին, նշելով, որ ան ծանօթ է «Փութինի խոհարարը» անուամբ:
Խօսելով ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասին, յօդուածագիրը յայտնած է, որ Պրիկոճի մեղադրուած է ԱՄՆ-ի հանրային կարծիքը ի շահ Ռուսիոյ շեղելու մէջ:
Յօդուածագիրը երեւան հանած է նաեւ այն, որ ռուս միլիառատէրը անցեալին ներդրում ունեցած է նաւթի այն ընկերութեան մէջ, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ պայմանագիր կնքած է սուրիական նաւթի ու կազի հանքերը ազատագրելու եւ փոխարէնը արտադրութեան 25 տոկոսն ստանալու: