Լիբանանեան «Ալ Տիար» թերթին փոխանցմամբ, սուրիական հողերու 22 տոկոսը ԱՄՆ ուժերու տիրապետութեան տակ անցնելէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ Սուրիան մասնատելու ԱՄՆ նախագիծին մասին յայտարարուելէ ետք, Ռուսիոյ նախագահ Փութին որոշած է ռուսական օդուժն ու սուրիական ուժերը միաւորել իրեն դաշնակից ուժերուն հետ:
Նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ Փութին չի ցանկար, որ ռուսական կործանիչները ԱՄՆ օդանաւերուն հետ բախում ունենան, հետեւաբար որոշած է իրանեան եւ իրաքեան ուժերու աջակցութեամբ դիմել հրոսակախումբերու պայքարի, որոնք կրնան պարտութեան մատնել ամերիկեան զօրքերը, առանց ռուսական կողմի միջամտութեան:
Այս առթիւ նախագահ Փութին հրաւէր ուղղած է Սուրիոյ նախագահ Ասատին անյապաղ Ռուսիա այցելելու, ԱՄՆ ուժերուն դէմ պայքարի համատեղ նախագիծ մշակելու մտադրութեամբ: