ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը յանձնարարած է բացառել ընդհանուր օգտագործման փոխադրամիջոցով կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ իրականացնող փոխադրամիջոցներու գերբեռնուածութիւնը։ Այս մասին ան գրած է ֆեյսպուքեան իր էջին:
«Հերթական ցուցումով յանձնարարած եմ բացառել ընդհանուր օգտագործման փոխադրամիջոցով կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ իրականացնող փոխադրամիջոցներու գերբեռնուածութիւնը։ Անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է ներգրաւել լրացուցիչ փոխադրամիջոցներ: Կ'ապահովուի նաեւ հանրային փոխադրութեան բոլոր երթուղիներուն մէջ շահագործուող փոխադրամիջոցներու եւ Երեւանի մեթրոփոլիթէնի ախտահանումը եւ երթուղի դուրս եկող վարորդներու ամենօրեայ զննութիւնը՝ վարակի ախտանշաններու առկայութիւնը բացառելու նպատակով»,- գրած է Աւինեանը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ