ԱՄՆ Փենթակոնի ղեկավար Էշթըն Քարթըրը ժամաներ է Իրաք` գետնի վրայ գնահատական տալու համար Մոսուլի ազատագրման գործողութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «RIA Novosti» գործակալութիւնը, նշելով, որ նախօրէին Քարթըր կը գտնուէր Անգարա, ուր հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ:
Իրաքի մէջ ան պիտի հանդիպի վարչապետ Հայտար ալ-Ապատիի, ինչպէս նաեւ երկրի մէջ գործող ամերիկեան զօրքի հրամանատարութեան հետ: