Փարիզի «Նոր սերունդ» միութեան խումբ մը անդամներ բողոքի ցոյց կատարած են ֆրանսական լրատուական գլխաւոր գործակալութեան ( AFP ) շէնքին դիմաց: Այս մասին կը փոխանցէ «Նոր Յառաջ»ը: Թերթը նաեւ դիտել կու տայ, որ ցոյցը կատարուած է՝ դատապարտելու համար Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առընթեր գործակալութեան ցուցաբերած անտարբերութեան եւ լռութեան դէմ բողոքելու համար: Հայ երիտասարդները, որպէս բողոքի նշած կպչուն երիզներով փակած են իրենց բերանները եւ ցուցադրած իրենց կեցուածքը բացատրող արձանագրութիւններով պաստառներ: Ցոյցը տեղի ունեցած է 19 ապրիլին: