Փաքիստան- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Տաս զոհ եւ 40 վիրաւոր արձանագրուած է Փաքիստանի Մէրտան քաղաքի մէջ դատարանի մուտքին առջեւ գործուած անձնասպանական պայթումի հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ գործողութիւնը տեղի ունեցած է առաւօտ կանուխ, ուր անձնասպանը նախքան ինքզինք պայթեցնելը՝ նռնակներ նետած է: Ոստիկանութեան պաշտօնեայ Ֆէյսալ Շահզատի ըսելով, մեռեալներու շարքին կան նաեւ երկու ոստիկաններ: