image

Փաքիստանի մէջ ահաբեկչութիւն. Թիրախը եկեղեցի մըն է

Փաքիստանի մէջ ահաբեկչութիւն.  Թիրախը  եկեղեցի  մըն է

Ահաբեկչական  գործողութիւն մը գրանցուած է  այսօր  Փաքիստանի  մէջ: Այս  մասին  տեղեկութիւնը տուած է    «Ռօյթըրզ» լրատուական  գործակալութիւնը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ  ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած  են 5   անձեր,  իսկ վիրաւորներուն  թիւը   հասած  է 15-ի: Կը  նշուի,  որ դէպքը     տեղի  ունեցած է երկրի  հարաւ-արեւմտեան     Քուէթա  քաղաքին մէջ,   ուր անձնասպան մը  փորձած է   մուտք գործել  քաղաքի  եկեղեցին: Ապահովական  մարմիններ փորձած են      արգիլել անոր եկեղեցի  մուտքը, որմէ  ետք  ալ ահաբեկիչը       ինքզինք  պայթեցուցած է: