Պայթումի ենթարկուած Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հրդեհ մը ծագած է։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ հրդեհը եղած է նաւահանգիստին մէջ փլատակներու հետեւանքով առաժամաբար հաւաքուած աղբակոյտի մը մէջ։
Պէյրութի ԱԻՆ-ի մարմիններ արագ միջոցներ ձեռնարկելով մարած են հրդեհը։
Նշենք, որ Պէյրութը ցնցած պայթումէն անցած է աւելի քան մէկ ամիս եւ մինչեւ այս պահը պայթումին պատճառ հանդիսացած իրական պատճառներուն մասին յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։