image

Պէյրութի Մէջ Իր Մահականցուն Կնքեց Տիգրան Պէրպէրեան

Պէյրութի  Մէջ  Իր Մահականցուն Կնքեց  Տիգրան Պէրպէրեան

Պէյրութի մէջ    իր մահկանացուն կնքեց Տիգրան  Պէրպէրեանը:  Պէրպէրեան, որ ծնած է  Պէյրութ  վաղ  տարիքէն   մուտք գործած է    Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:   Լիբանանի քաղաքացիական ամէնէն թէժ  տարիներուն   Պէրպէրեան իր  ընկերներուն  հետ ստանձնած է հայկական  թաղամասերու պաշպանութեան գործը, ապա  գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր նոյնպէս   աքտիւ մասնակցութիւն բերած է հայկական  գաղութի       կեանքին:  Մարտական ունակութիւններով    յայտնի Պէրպէրեան    եղած է   անդամ     «LA 5»  գործողութեան, որուն հետեւանքով բանտարկուելէ ետք  հեռացուած է երկրէն: Լիբանան  վերադառնալով Պէրպէրեան   շարունակած է իր մասնակցութիւնը  գաղութի  կեանքին: Վերջին   մէկ տարուան ընթացքին ան կը տառապէր   ծանր հիւանդութիւնէ, որուն հետեւանքով՝  յաւերժին փակեց իր աչքերը:  Տիգրան  Պէրպէրեան   երեւելի աւանդ ունեցած է       յատկապէս  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ընթացքին եւ անոր       գործունէութիւնը արժանի է գնահատանքի: Ամուսնացած էր, ունի   3 որդի: