Տագնապ մը ստեղծուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ: Տեղի աշակերտութիւնը կը մերժէ ենթարկուիլ Պատրիարքարանին կողմէ եղած տնօրինումին, որուն հիմամբ վարժարանի տնօրէնուհի ՝ Ռիթա Ժամկոչեան-Պոյաճեան պէտք է լքէ իր պաշտօնը եւ հեռանայ վարժարանէն:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Արեւելք» դիմեց Սուրբ Խաչ վարժարանը յաճախող կարգ մը աշակերտներու ծնողներուն, որոնք պատրաստակամօրէն կարգ մը լուսաբանութիւններ տուին անցնող շաբաթներուն երեւելի դարձած տագնապին մասին:
Կը նշուի, որ ցարդ անյայտ պատճառներով Պատրիարքարանը (որ հիմնական հովանաւորն ու տնօրինողն է Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին) դպրոցի տնօրէն ՝ Տիկին Ռիթա Ժամկոչեան-Պոյաճեանին յայտնած է, որ պիտի կատարուի նոր տնօրինում, որուն հիմամբ վարժարանի կառավարման աշխատանքները պիտի բաժնուին երկու հաւասարազօր մասերու ՝ կրթական եւ վարչական, որուն հիմամբ ալ դպրոցը պիտի ունենայ երկու «տնօրէններ»:
Տիկին Պոյաճեան յարգելի եւ հասկնալի պատճառներով մերժած է այս «վճիռ»ը, որուն իբրեւ հետեւանք պատրիարքութիւնը վերջնագիր տուած է վերջինիս:
Պոյաճեան ճարահատեալ վիճակով եւ հաւաքելէ իրերը հեռացած է դպրոցէն:
Եղածէն ետք վարժարանի մեծ թիւով ծնողներ փորձած են հանդիպում ունենալ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Տ. Գրիգոր Ի. Կապրոյեանին հետ, բայց տարբեր հանգամանքներու բերումով հանդիպումը չէ կայացած:
Աւելի ուշ պատրիարքարանը «մարելու» համար բաւական լարուած իրավիճակը, որոշում ընդունած է վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին կոչել Զալքա շրջանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տ. Եղիա ծ. Վրդ. Եղիայեանը: Կարգ մը ծնողներու կարծիքով այս որոշումը ընդունուած է, որպէս ժամանակաւոր լուծում եւ պատրիարքարանը հետամուտ է տնօրէնի պաշտօնին համար նշանակել այլ եւ իրեն համար «նախընտրութիւն» համարուող անձնաւորութիւն մը:
Ներկայիս եւ մասնաւորապէս այսօր վարժարանի աշակերտութիւնը մերժելով պատրիարքարանի կատարած տնօրինումը մերժած է մասնակցիլ դպրոցի բնականոն դասընթացքներուն ու վարժարանի շրջաբակէն ներս բողոքի հաւաք մը կազմակերպած է:
Այսօրուան բողոքի ցոյցը մեծ արձագանք գտած է լիբանանեան տարբեր ԶԼՄ-ներուն մէջ եւ մէկէ աւելի կայաններ տեսագրութիւններ եւ լուսանկարներ ցուցադրած են եղածին վերաբերեալ:
«Արեւելք» պիտի շարունակէ այս մասին իրազեկել հայ հասարակութիւնը, այն հաւատքով, որ նման նուրբ խնդիրներ կը քննարկուին հանգամանաւոր կերպով հեռու մնալով նախընտրութիւններ ունենալու խոցելի մօտեցումներէն:
Անցնող տասը տարիներուն իր վարժարանին հանդէպ նուիրումով եւ ողջախոհութեամբ աշխատանք տարած տնօրէնուհին վստահօրէն արժանի է գնահատական խօսքի եւ դրական նեցուկի:
Ցայսօր ալ ու շնորհիւ դպրոցի տնօրէնուհի ՝ Ռիթա Ժամկոչեան- Պոյաճեանի ղեկավարութեամբ աշխատող անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան վարժարանը յաջողած է դառնալ լիբանանահայ գաղութի ամէնէն փայլուն վարժարաններէն մին:
Տակաւին կ'անդրադառնանք: