image

Պէտք Չէ Քաղաքականացնել «Ժամանակ» Օրաթերթի Թուայնացման Հարցը .Արա Գոչունեան

Պէտք Չէ  Քաղաքականացնել «Ժամանակ» Օրաթերթի Թուայնացման Հարցը .Արա Գոչունեան

«Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի  թուայնացման  կամ արխիւներու հասանելիութեան հարցը  պէտք չէ քաղաքականացնել»,- «Արեւելք»ին  ըսաւ   Արա Գոչունեան:  Ան նաեւ ըսաւ, թէ որպէս 100 տարի անըդհատ լոյս տեսնող թերթ, «Ժամանակ»ի արխիւը, պարզ է, որ շատ լուրջ նշանակութիւն ունի արդի պատմագրութեան տեսակէտէ, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ թրքական առումներով: Գոչունեան նաեւ կարեւորեց թերթի արխիւի թուայնացման հարցը, տրուած ըլլալով, որ  նոյնիսկ  հայ ժողովուրդի ամէնէն ողբերգական ժամանակաշրջանին  ընթացքին, թերթը երբեք չէ դադրած լոյս տեսնելէ: Ան նաեւ շեշտեց, որ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ վիթխարի տեղեկութիւններու շտեմարան մը կայ եւ իրենց համար որպէս խմբագրութիւն եւ թերթը տնօրինող մարմին, շատ կարեւոր է, որ այդ շտեմարանը եւ աւանդը ներկայացուի լայն հասարակութեան: Գոչունեան  նշեց, որ իրենք, որպէս խմբագրական մարմին, այսօրուան դրութեամբ քաջատեղեակ են, թէ «Ժամանակ»ի ո՛ր թիւը ո՞ւր կը գտնուի: Ան դիտարկեց, որ «Ժամանակ» օրաթերթի արխիւները կամ հաւաքածուներու  մաս մը կը գտնուին Պոլսոյ  Հայոց Պատրիարքարանին եւ Ազգային Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ, շեշտելով, որ այդ հաւաքածոները թերի են: Ըստ Արա Գոչունեանի, թերթին հիմնական հաւաքածոները կը գտնուին Երեւանի Ազգային գրադարանին մէջ  ու մանաւանդ՝ Վիէննայի Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանին մէջ: Ան յիշեցուց, որ անաչառ ըլլալու համար պէտք է շեշտել, որ Վիէննայի մէջ գտնուող հայ պարբերական մամուլի հաւաքածոները ամէնէն բովանդակալիցն են եւ ամէնէն պարփակունը, ոչ միայն «Ժամանակ» օրաթերթի պարագային,այլ սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ լոյս տեսած թերթերու առընթեր:

Արա Գոչունեան նշեց, «Ժամանակ» օրաթերթի կարգ մը հաւաքածոները կը գտնուին նոյնպէս Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանին  եւ անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի գրադարանին մէջ, յիշեցնելով, որ ցայսօր  Քոնկրէսը պարբերական ձեւով կը ստանայ օրաթերթի օրինակները: «Մեզի համար այսօրուան դրութեամբ գլխաւոր օրակարգը 108 տարիէ ի վեր լոյս տեսնող մեր թերթի թիւերուն թուայնացման հարցն է»,- ըսաւ Արա Գոչունեան, նշելով, որ թուայնացումէն բացի, արդիական բոլոր միջոցները պէտք է ծառայեցնել, որպէսզի «Ժամանակ» օրաթերթի արխիւը իր թուայնացած վիճակով հասանելի ըլլայ որոնողական համակարգերով գործող համացանցին: Արա Գոչունեան, անդրադառնալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ (Միլլի Մէճլիս) հայազգի երեսփոխան Սէլինա Տողանին կողմէ «Ժամանակ» թերթի հարցով կատարած դիմումին, ըսաւ, որ «Տողանի կողմէ կատարուած առաջարկ-հարցումը ուղղուած էր վարչապետին, բայց եւ այնպէս բոլորիս համար յստակ է, որ օրաթերթի արխիւները  կը գտնուին ոչ թէ վարչապետարանին կամ պետական այլ մարմիններուն մօտ, այլ Թուրքիոյ  ազգային գրադարանին մէջ»:

Արա Գոչունեան նաեւ նշեց, որ իրենք երախտապարտ են Սելինա Տողանի կատարած քայլով եւ այս հարցի արծարծումը կրնայ շարունակուիլ Մշակոյթի նախարարութեան ընդհանուր ծիրին մէջ : Ան  ըսաւ, որ «Ժամանակ» թերթի արխիւներու թուայնացման խնդրին արծարծումը քաղաքական շրջանակներուն մէջ կրնայ որոշ վերապահութեամբ ընդունուիլ, տրուած ըլլալով որ Սելինա Տողան անդամ է երկրին մէջ գործող ընդդիմադիր CHP կուսակցութեան: «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիրը, յստակացում մը կատարելով նշեց, որ իրենց համար հիմնական նպատակը այս խնդրին քաղաքականացումը չէ,  այլ   մշակութային հարթակի վրայ դրուած  հարցին  լուծման ապահովումը: