image

Պավել Մանուկեանը ազատ արձակուած է կալանքէն

Պավել Մանուկեանը ազատ արձակուած է կալանքէն

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս ՊՊԾ գունդը զաւթելու եւ շարք մը ծանր յանցագործութիւններ կատարելու մէջ մեղադրուողներ՝ Պավել Մանուկեանի, Վարուժան Աւետիսեանի, Արայիկ Խանդոյեանի, Մխիթար Աւետիսեանի, Գագիկ Եղիազարեանի, Արմէն Բիլեանի, Սմբատ Բարսեղեանի, Արեգ Կիւրէղեանի, Էտուարտ Գրիգորեանի, Սեդրակ Նազարեանի գործով դատական նիստը այսօր առաւօտեան յետաձգուած էր, վերսկսումէն ետք դատական նիստը ծափահարութիւններով չէր մեկնարկած:

Դատական նիստին դեռ մէկ շաբաթ առաջ հացադուլ յայտարարած գործով ամբաստանեալներ Պավել Մանուկեանն ու Արմէն Բիլեանը դադարեցուցին հացադուլը: Անոնք հացադուլ յայտարարած էին իրենց կալանքէն ազատ արձակելու պահանջով:

Այսօրուան նիստին Պավել Մանուկեանի պաշտպանները միջնորդեցին անոր մէկ միլիոն գրաւի դիմաց ազատ արձակել: 

Դատարանը գնաց խորհրդակցական սենեակ, ուրկէ վերադառնալէ ետք յայտնեց միջնորդութիւնը բաւարարելու մասին:



Պավել Մանուկեանը ազատ արձակուեցաւ կալանքէն 1 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց: Դատարանի որոշման հրապարակումէն քիչ անձ դատարանին ներկայացուած է 1 միլիոն դրամ գրաւի անդորրագիրը, եւ նիստերու դահլիճէն Պավել Մանուկենը ազատ արձակուած է: