image

Պատմական Մծբինը PKK-ի Տիրապետութեան Տա՞կ

Պատմական  Մծբինը  PKK-ի Տիրապետութեան Տա՞կ

Թուրքիոյ Մարտին  նահանգի Նուսայպին (պատմական  անուանով  Մծբին) քաղաքը     անցած է  քրտական   PKK-ի տիրապետութեան տակ: Այս մասին  լուրը  կը փոխանցէ լիբանանեան  «Ալ Նաշրա» կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  վերջին շաբաթներուն    շրջանի  թուրք  բնակչութիւնը հեռացած է   Մծբինէն եւ անցնող օրերուն  PKK    յայտարարած է, թէ քաղաքը  ամբողջութեամբ  անցած  իրենց    ջոկատներու  տիրապետութեան  տակ:   Թրքական  աղբիւրներ  մինչեւ այս ժամը  լուռ կը մնան այս լուրին  կապակցութեամբ: Կը հաղորդուի   նաեւ, որ Մծբինի ծայրամասերուն  ծանր բախումներ կը գրանցուին  PKK -ի եւ թրքական կառավարական  ուժերուն  միջեւ, որոնք  ծանր հրետանի  կը  գործածեն:    Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ քիւրտ   զինեալները     քաղաքին մէջ ամիսներ   տոկալու  պարէն եւ զինամթերք ունին, եւ անոնք կը սպասեն  ձիւնհալին,   որ կազմակերպութեան յատուկ  ջոկատայիններ շրջան հասնին եւ օգնութեան ձեռք երկարեն անոնց: