image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտպանութեան բանակը ոչնչացուցած է թշնամիի մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն

Պաշտպանութեան  բանակը ոչնչացուցած է   թշնամիի  մեծ  քանակութեամբ   սպառազինութիւն

Պաշտպանութեան բանակի կողմէն ոչնչացուած է թշնամիին յարձակման նախապատրաստուող զրահամեքենայի խոշոր խմբաւորում, զգալի քանակութեամբ սպառազինութիւն եւ անձնակազմ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան:

«Այսպիսով, ուղղութիւններէն մէկուն մէջ ձախողած են հակառակորդի յարձակողական ծրագիրները»,- գրած է Ստեփանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան  դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամիի խոշոր խմբաւորում մը ինկած է հարուածի տակ եւ տասնեակ միաւոր զրահամեքենայ ոչնչացուած է։

Մինչ այդ Արծրուն Յովհաննիսեան գրած էր, որ հակառակորդին հզօր հարուած հասած է։