image

Պաշշար Ասատ եւ Էրտողան պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Al Safir

Պաշշար Ասատ եւ Էրտողան  պիտի  հանդիպին  Մոսկուայի մէջ. Al Safir

Ըստ  արաբատառ «Ալ Սաֆիր»  պարբերականին,  Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատ   իր  թուրք պաշտօնակիցին հետ հանդիպում  մը պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ: Թերթը, իր   աղբիւրներուն յղում ընելով նաեւ կը գրէ, թէ   Մոսկուայի հանդիպումը   կրնայ կայացուիլ  այս ամիս եւ   այն    հովանաւորուած  է Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութինին  կողմէ:  Աղբիւրը,  որուն   միջին  արեւելեան  հարցերու   գլխաւոր սիւնակագիրը  յատուկ   յօդուած մը ստորագրած է  այս թեմային մասին,  նաեւ նկատել տուած է, թէ   պատմական  համարուելիք այս հանդիպումը  շրջանին մէջ պիտի բանայ  նոր  փուլ մը,  որուն   ընթացքին     սուրիական  իշխանութիւնները   համաձայն պիտի ըլլան   Ռուսիոյ կողմէ պատրաստուած  քաղաքական  անցման փուլի մը,  որուն հիմքով Դամասկոս,   քաղաքական կարեւոր րէֆորմներ ընելով, սատար պիտի կանգնի փոխանցման  միասնական  կառավարութեան մը ստեղծման:  Նշենք,  որ թրքական  մէկէ աւելի   աղբիւրներ աւելի վաղ   գրած էին այն մասին, որ Փութին  ռուս- թրքական   ձիւնհալին կարեւոր նախապայման դրած է Անգարայի Ասատի հանդէպ  ընդհանուր կեցուածքին բարեփոխման եւ երկու երկիրներու  միջեւ   լարուածութեան վերացման:

Յիշեցնենք, որ անցեալ յունիսին Սուրիոյ նախագահ  Պաշշար Ասատ  երկրի  խորհրդարանին  առջեւ  խօսք մը արտասանելով ծանր մեղադրանքներ  հնչեցուցած էր  Թուրքիոյ նախագահ  Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի  հասցէին: