Ռուսական «Առաջին ալիք»ի եթերին «Ժամանակը ցոյց կու տայ» հաղորդման ծիրէն ներս քննարկուած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ մերձեցման համաձայնագիրը: Հաղորդման ընթացքում թէժ քննարկում ծաւալած է լեհ քաղաքագէտ Թոմաշ Մացեյչուքի եւ ներկաներու միջեւ՝ կապուած Արցախի հետ:
Մացեյչուքը նշած է, որ Արցախը հայկական տարածք է եւ Ռուսաստանի կողմէ երկերեսանիութիւն է զէնք վաճառել միաժամանակ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին: «Ի դէպ, ինծի չանհանգստացներ այն փաստը, որ իմ յայտարարութիւններէն ետք կրնար երթալ ո՛չ Թուրքիա, ո՛չ Պելառուսիա, ո՛չ Ատրպէյճան:
Ի դէպ, Պաքու կ'ուզեմ երթալ հրասայլով եւ քաղաքավարի խնդրել Ալիեւէն հեռու մնալ հայերէն, որոնք վերջին 100 տարիներուն իրենց հարեւաններէն շատ չարութիւն ստացած են, այդ շարքին սարսափելի եւ պարզապէս դժոխային ցեղասպանութիւն»,- ըսած է Մացեյչուքը: