Պաղեստինեան Կազա քաղաքի եւ Արեւմտեան ափի մէջ բախումներ տեղի ունեցած են պաղեստինցիներու եւ իսրայէլցիներու միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Բախումները յաջորդած են պաղեստինցիներու կողմէ կազմակերպուած ցոյցերուն:
Ցոյցերը, որոնց ընթացքին տասնեակ պաղեստինցիներ վիրաւորուած են, ուղղուած էին Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելուն դէմ:
Ըստ «Կարմիր Մահիկ» կազմակերպութեան աշխատակից բժիշկներուն, տասնեակ երիտասարդներ հիւանդանոցներ տեղափոխուած են արցունքաբեր կազեր շնչելով խեղդուելու հետեւանքով:
Նշուած է նաեւ, որ բախումներու ժամանակ խափանուած է պաղեստինցի լրագրողներու եւ թղթակիցներու աշխատանքը իսրայէլցի զինուորականներու կողմէ: