«Արեւելք» այսօր անտիպ լուսանկարներ ստացաւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիէն: Նշենք, որ թուրք յատուկ ջոկատայիններ երէկ կոտրած էին 5-րդ դարուն կառուցուած հայկական եկեղեցիի հիմնական դուռը եւ ներս մտած ու հոն եղող իրերը գետին շպրտած: Հրապարակուած լուսանկարները ստացած ենք Հայ Կաթողիկէ միաբան ՝ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանէն, որ 2012 թուականին այցելած էր Մարտին եւ անձամբ կատարած այս նկարհանումները: Նշենք, որ Մարտինի մէջ, բացի Սուրբ Գէորգ կամ Կարմիր եկեղեցիէն կայ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ եկեղեցին:





