image

Նոր Լուսանկարներ Ղընէմյէէն, Ուր Երեւելի Կը Դառնայ Ահաբեկիչներուն Վանտալիզը

Նոր Լուսանկարներ Ղընէմյէէն, Ուր  Երեւելի Կը Դառնայ Ահաբեկիչներուն  Վանտալիզը

Նախօրօք «Արեւելք»  տեղեկութիւն փոխանցած էր Ղընէմյէի     հայկական եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան  դէմ կատարուած վանտալիզմին մասին:  Այդ  մասին առաջին անգամ  տեսերիզ մը հրապարակած էր  «Ալ Մանար» կայանի լրագրող Սոմար Հաթէմ:   Այսօր   Հալէպի «Գանձասար»ը  հրապարակած է   Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ, անոր  կից գտնուող   սրահին եւ  գիւղի գերեզմանատան    նոր լուսանկարները, ուր երեւելի կը դառնայ  ահաբեկիչ զինեալներուն  հասցուցած վնասը եւ ըրած   բարբարոսութիւնը հայկական կառոյցներուն դէմ: