image

Նոր կուտակումնե՞ր Հալէպի շուրջ

Նոր  կուտակումնե՞ր Հալէպի շուրջ

Հակառակ անցնող 48 ժամերուն ընթացքին Հալէպի մէջ գրանցուած մարտերուն,     յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ թէժացում կը սպասուի: Այս մասին  խօսած են Սուրիոյ պատերազմին հետեւող տասնեակ աղբիւրներ: Իր կարգին «Ալ Մաստար» կայքը կը փոխանցէ, որ իսլամիստ գրոհայիններ մեծ կուտակումներ կատարած են Հալէպի «Պոստան Ալ Փաշա» շրջանին մօտ, եւ շուրջ 2500 իսլամիստ ահաբեկիչներ հասած են շրջան: Կը փոխանցուի, որ այդ շրջաններուն մէջ տեղակայուած իսլամիստ ուժերուն մէջ մեծագոյն ջոկատները կը պատկանին «Ժէշ Ալ Ֆաթհ» խմբաւորման: Նշենք, որ անցնող ժամերուն Սուրիոյ բանակը ծանր մարտեր մղելէ ետք 4 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցաւ ճեղքել «Պոստան Ալ Փաշա»ի օղակը,  յառաջանալ ու դիրքեր վերցնել ռազմական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հատուածին մէջ:

Այդ յառաջխաղացումին դիմաց ծանր հրթիռարձակումներ եղած էին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան հատուածներուն վրայ, ուր տասնեակ զոհերուն կողքին, նոյնպէս զոհուած էին նաեւ 5 հայեր:

Հալէպի մէջ այսօր ալ կը տիրէ խիստ սպասողական իրավիճակ: